2016-02-27 09:10:00

Միջազգային Քարիթասի նախագահ` Կարդինալ Թակլէ կ՛այցելէ Լիբանանը ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Թակլէ`  միջազգային Քարիթասի  բարեսիրական մարմնի  նախագահը 28 Փետրուարէն 2- Մարտ կը մեկնի Լիբանան։ Իր կեցութեան ընթացքին Ծիրանաւորը հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանան ապաստան գտած Սուրիացի ու Իրաքցի գաղթականներուն հետ։

Նշենք որ Քարիթասը Միջին Արեւելքին մէջ, ուր մասնաւորապէս կը գործէ Յորդանանի, Լիբանանու ու Թուրքիոյ մէջ, օգնութեան կը հասնի շուրջ 5 միլիոն գաղթականներուն։ Այս տարեսկիզբը Քարիթասը­, ի շառս այլ բարեսիրական հաստատութիւններուն կոչեր ուղղեց պահանջելով Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.